ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՍՈՒԼԹԱՆ ՔԱՊՈՒՍԷՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէն, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց քաղաքական վերջին զարգացումները:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Մոհամետ պըն Խալիլ Ժազմի այցելեց նախագահ Սլէյմանի եւ անոր յանձնեց Օմանի սուլթան Քապուս Պըն Սայիտի կողմէ յղուած գրաւոր նամակ մը, որ կը վերաբերէր լիբանանեան – օմանեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն, հանգուցեալ զօր. Ուաֆիք Ժեզզինիի ընտանեկան պարագաներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին Ժեզզինիի մահուան սուգին մասնակից դառնալուն համար:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամիի հետ` քննարկելու համար Ապիտժանի եւ Փղոսկրեայ ափունքի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ցուցմունքներ տուաւ անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու, ըստ արձանագրուած դէպքերուն եւ տիրող պայմաններուն: