ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Գերապայծառ Աշգարեան, նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյր, Ռայի պատրիարքը եւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը

Երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը մեծ պատուիրակութեամբ մը այցելեց Պքերքէ` շնորհաւորելու համար մարոնիներու նորընտիր Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ նախապէս Ժիպէյլի թեմի մարոնի համայնքի առաջնորդն էր:

Հանդիպման ընթացքին մարոնի համայնքի նորընտիր Ռայի պատրիարքը ողջունեց հոգեւոր տէրն ու շքախումբը, եւ խնդրեց, որ միասին օրհնեն ներկայ բազմութիւնը: Իր կարգին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց եւ իր ջերմագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նորընտիր պատրիարքին եւ մարոնի եկեղեցւոյ, որ սերտ ու պատմական յարաբերութիւններ ունեցած է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ 18-րդ դարէն սկսեալ: Այս առիթով, ան յոյս յատնեց, որ այս ընտրութիւնը, որ պատմական եղելութիւն մըն է, նպաստէ համայն եկեղեցւոյ վերելքին եւ հաւատքի վերանորոգման:

Այցելութեան աւարտին ան ըսաւ. «Անտիոքի պատրիարքական աթոռին վրայ ձեր գահակալութեան առիթով, ձեզի կը յայտնենք մեր եղբայրական սիրոյ վսեմագոյն զգացումները` աղօթելով առ Բարի Հովիւը, որ զօրավիգ ըլլայ ձեզի, ուղղելու համար ձեզի յանձնուած հօտը, որպէսզի լոյս, աղ եւ թթխմոր ըլլայ մեր սիրելի Լիբանանի ընկերութեան եւ անոր զաւակները ապրին խաղաղութեամբ, բարգաւաճումով եւ սիրով: Ըլլա՛ք Լիբանանի բարի հովիւը եւ բոլորին հայրը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES