ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ՀԵՏ

Պըրրի իր խօսքը կ՛արտասանէ Պաղեստինի նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին

Պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան միջազգային Ե. խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը գտնուէր Թեհրան, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ շրջանը կը դիմագրաւէ զարգացումներու հանգրուան մը, որոնք մտահոգիչ են եւ մտավախութիւններ կը յառաջացնեն:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան իր կարգին կ՛ազդուի այդ զարգացումներէն, որովհետեւ ան առանձին գոյատեւող կղզի մը չէ:

Պըրրի աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի համար լուրջ մտահոգութիւն է նաեւ այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ բռնագրաւուած կը պահէ լիբանանեան հողեր եւ կը շարունակէ խզել լիբանանեան գերիշխանութիւնը:

Պըրրի ակնարկեց նաեւ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման թղթածրարին` մաղթելով, որ Իրանի նախագահը իր կարգին հետապնդէ այդ հարցը, որուն 33 տարի շարունակ հետեւած են իրանեան իշխանութիւնները:

Իր կարգին, Ահմատինեժատ շեշտեց, որ Իրան կը շարունակէ Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան հիմնած է Դիմադրութիւն մը, որ յոյս կը ներշնչէ իր յաղթանակներով եւ նուաճումներով:

Պըրրի եւ նախագահ Ահմատինեժատ

Ահմատինեժատ ընդգծեց նաեւ, որ Իրան մեծ կարեւորութեամբ կը հետեւի իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարին նկատել տալով միաժամանակ, որ այս իմաստով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի հետ եւ քննարկած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարը:

Միւս կողմէ, խորհրդաժողովին ընթացքին Պըրրի իր արտասանած խօսքին մէջ զարմանք յայտնեց, որ հիւլէական ուժանիւթ օգտագործելու Իրանի իրաւունքին առումով երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն կը գործադրուի: Ան աւելցուց, որ իր կարծիքով, այդ քաղաքականութիւնը ի գործ կը դրուի, որովհետեւ Իրան կը զօրակցի պաղեստինեան հարցին եւ անոր արդար լուծման:

Պըրրի խստիւ քննադատեց մէկ կողմէ արաբներուն միջեւ երկփեղկում սերմանելու եւ միւս կողմէ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը աւելցնելու Իսրայէլի քաղաքականութիւնը` շեշտելով, որ Իսրայէլի հիմնական նպատակն է Երուսաղէմի հրէացումը:

Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ երբեք չի փափաքիր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատել` աւելցնելով, որ պաղեստինեան հարցին լուծման միակ միջոցը Դիմադրութիւնն է:

«Ո՞ւր է արաբական այն աշխարհը, որ պէտք է իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ պոյքոթի ենթարկէ եւ ոչ թէ Սուրիոյ: Ինչո՛ւ արաբական աշխարհը իր հսկայական գումարները կը տրամադրէ Սուրիոյ մէջ բողոքի արշաւները ֆինանսաւորելու` պաղեստինցի ժողովուրդին օժանդակելու փոխարէն: Ինչո՞ւ արաբական աշխարհի տեղեկատուական միջոցները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Սուրիոյ միջադէպերը աւելի հրահրելու` Իսրայէլի գործած ոճիրները բացայայտելու փոխարէն: Արդեօ՞ք այս մէկը կը կատարուի, որովհետեւ Սուրիա` նման Իրանի, կը զօրակցի Դիմադրութեան եւ պաղեստինեան հարցին` դէմ դնելով Իսրայէլի, եւ արդեօ՞ք որովհետեւ Սուրիա կը պահանջէ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն իրագործումը եւ Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու ամբողջական խաղաղութեան հաստատումը», հարց տուաւ Պըրրի եւ հաստատեց վճռական «այո»ով մը` ընդգծելով, որ ինք Սուրիոյ մէջ բարեկարգումի գործադրութեան դէմ չէ, պայմանաւ որ այդ բարեկարգումը ըլլայ միջսուրիական մակարդակի վրայ, առանց արտաքին միջամտութեան:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանի նախագահը` ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի, պաշտօնական այցելութեամբ մը Թեհրանէն պիտի մեկնի Հայաստան:

 

Share this Article
CATEGORIES