ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց վերջինիս Նիւ Եորք կատարած այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Պաղեստինի պետութեան ճանաչման պահանջին:

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի քննարկեցին նաեւ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան յաջորդ նիստին քննարկուելիք հարցերն ու թղթածրարները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Արքուպի քաղաքապետարանի համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց շրջանին կարիքները:

Share this Article
CATEGORIES