ԹԵՆԻՍ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ «ՖԻՒՉԸՐԶ» ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Ռուսահայ 24 տարեկան թենիսմեն Երուանդ Գասպարեան, որ աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 373-րդ դիրքը, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ֆիւչըրզ» թենիսի միջազգային մրցաշարքին` յաղթելէ ետք հարաւային ափրիկեցի Ռուան Ռոյելոֆսին (21 տարեկան), ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Աւարտականի իր տոմսը ապահովելու համար Գասպարեան պէտք է յաղթէ քանատացի Էրիք Զվոյքային, որ իր կարգին ապահոված էր կիսաւարտականի իր տոմսը` յաղթելէ ետք եգիպտացի Մոհամետ Սաֆուաթի:
CATEGORIES Մարզական