ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Փրեմիեր լիկի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերուն` Եունայթըտի եւ Սիթիի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ (19-ական կէտ)` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Նորուիչ Սիթին (2-0) եւ Պլեքպըրնը (4-0): Եունայթըտ իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ (մէկ կոլի տարբերութեամբ միայն) կը գերազանցէ Սիթին:

Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Չելսի (Պոլթընի դէմ` 5-1) եւ Լիվըրփուլ (Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիին` 2-0), մինչ Արսենալ լոնտոնեան քաղաքի տերպիին 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Թոթենհամէն:

Պունտըսլիկայի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հոֆընհայմի դաշտին վրայ:

Պայէրն բախտաւոր դուրս եկաւ իր արձանագրած այս հաւասարութենէն` նկատի ունենալով, որ անոր ետին գտնուող Վերտըր Պրեմըն եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ (որոնք ունին 16-ական կէտ) յաջորդաբար պարտութիւն կրեցին Հանովըր-96-էն (3-2) եւ Ֆրայպուրկէն (1-0): Պայէրն ունի 19 կէտ:

Վերջին դիրքին վրայ գտնուող Համպուրկ կրեց այլ պարտութիւն մը` այս անգամ Շալքէէն` 2-1 արդիւնքով:

Քալչիոյի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, գագաթի ճակատումը` Եուվենթուսի եւ Ա. Սէ. Միլանի միջեւ, աւարտեցաւ ի նպաստ առաջինին, որ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը:

Միլան քաղաքի երկրորդ կազմը` Ինթեր, իր կարգին պարտութիւն մը կրեց Նափոլիէն` 3-0 արդիւնքով:

Լիկ-1-ի 9-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը` Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Լիոնի միջեւ, աւարտեցաւ ի նպաստ մայրաքաղաքի կազմին` 2-0 արդիւնքով:

Մարսէյ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պրեսթի հետ, իսկ Պորտօ` Մոնփելիէի հետ (1-1):

«Լա լիկա»ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ Սփորթինկ Խիխոնի հիւրն էր, նուազագոյն հաշիւով յաղթանակ մը արձանագրեց (1-0):

Էսփանիոլ – Ռէալ Մատրիտ մրցումը, որ երէկուան ամէնէն ուշ աւարտած ճակատումն էր, աւարտեցաւ ի նպաստ Ռէալ Մատրիտի 4-0 արդիւնքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES