ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 21-23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԱԶԱՏ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ 21-23 հոկտեմբերին Վանաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ստեփան Սարգսեանի անուան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը:

Իր խօսքին մէջ Պաղտատեան ըսաւ, որ 1 հոկտեմբերէն հաւաքականը պիտի սկսի իր մարզումներուն` լաւապէս պատրաստուելու համար այդ մրցաշարքին:

Մարզիչին կարծիքով, ազատ ոճի բոլոր հայ ըմբիշներուն մասնակցութիւնը այս մրցաշարքին իրեն համար սքանչելի առիթ մըն է, որովհետեւ այդ ձեւով իրեն կարելիութիւն կ՛ընձեռուի լաւապէս ձեւաւորելու հաւաքականը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Պաղտատեան ըսաւ, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն միայն Էտկար Ենոքեան եւ Միհրան Ջափուրեան, որոնք արդէն իսկ  ապահոված են 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի խաղերուն իրենց տոմսերը:

Share this Article
CATEGORIES