ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ՔԱՐԿՈԾԵՑԻՆ ՀԱՅ ԿՌՓԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ

Ազրպէյճանական azerisport.com կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, շաբաթ, 1 հոկտեմբերին, այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան անդամները` ներխուժելով Հայտար Ալիեւի անուան մարզահամերգային համալիր, քարեր արձակած են հայկական պատուիրակութեան ուղղութեամբ:

Յարձակումին կազմակերպիչներէն Աքիֆ Նակի ըսած է, որ այս քայլը նախապէս կազմակերպած էին, երբ իմացած էին, որ հայ կռփամարտիկները մրցումներ պիտի կատարեն Պաքուի մէջ:

«Երբ տեսանք Հայաստանի կռփամարտիկները, սկսանք քարկոծել զանոնք: Քարկոծումէն ետք ոստիկանութեան հետ բախում ունեցանք, որմէ ետք հեռացանք այդ համալիրէն: Մեր նպատակն էր խանգարել հայ մարզիկները», ըսաւ Նակի:

Նշենք, որ ազրպէյճանցիներուն կողմէ վիրաւորական արտայայտութիւններ եւ բացագանչութիւններ ալ արձակուած են Հայաստանը ներկայացնող կռփամարտիկներուն դէմ:

Նշենք, որ Հայաստանի 14 անձ հաշուող պատուիրակութիւնը Պաքու մեկնած էր Ազրպէյճանի կողմէ անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալէ ետք: Սակայն, տեղի ունեցած այս պատահարը ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանցիները չեն կրնար իրենց իսկ տուած խոստումները յարգել:

Ինչ կը վերաբերի հայ կռփամարտիկներուն կատարած մրցումներուն, 60 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Վլատիմիր Սարուխանեան հանդիսացաւ Հայաստանի հաւաքականին չորրորդ կռփամարտիկը, որ դուրս մնաց մրցաշարքէն` 1-32-րդ հանգրուանին պարտուելէ ետք Խոսէ Ռամիրեսէն (Միացեալ Նահանգներ):

75 քկ դասակարգի մրցումներուն, Անդրանիկ Յակոբեան 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն յաջողեցաւ յաղթել Վիքթոր Քոթուանչիի (Մոլտաւիա):

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հրաչիկ Ջաւախեան (64 քկ)` պարտութեան մատնելով գերմանացի Տէյվիտ Միւլըրը (1-32-րդ հանգրուան): Սակայն 1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած ճակատումին ան պարտուեցաւ չեխ Զտենեք Զլաթեքէն` դառնալով 5-րդ կռփամարտիկը, որ դուրս կը մնայ մրցաշարքէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES