ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԱՃԱՐԱԿԱՆ ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երէկ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Միջազգային տաճարական ասպետներու կարգի նախագահ Փաթրիք Ռէյան, որ կը գլխաւորէր նոյն կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Յիշեալ կազմակերպութիւնը կրօնական բնոյթ ունեցող կառոյց մըն է, որուն նպատակն է մարդասիրական ծառայութիւններու ու զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով տարածել քրիստոնէական արժէքները: Իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, ան նաեւ անդամ է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան:

Յիշեալ կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան Անթիլիասի մայրավանք այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, որ վեհափառը իրենց պարզէ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան, կառոյցին ու առաքելութեան յատկանշական երեսները:

 

Share this Article
CATEGORIES