ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՊԱՐՏԱՑՈՒՑԻՉ, ԿՈԹՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հանդիպումին ներկաները

Առաջին անգամ չէ, որ այնճարահայութիւնը կ՛օգտուի գաղութ այցելու մտաւորականներէն եւ արուեստագէտներէն: Անգիր օրէնք մը կայ, համաձայն որուն, լիբանանահայութեան այցելող հիւրերը առանց Այնճար այցելելու իրաւունք չունին Լիբանանէն մեկնելու…

Բնականաբար, ասիկա իրականութիւն կը դառնայ Պէյրութի մէջ գործող մեր հաստատութիւններուն եւ մշակութային միութիւններուն օժանդակութեամբ:

Առանձին յիշատակութեան արժանի է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը, որ Այնճար կ՛ուղարկէ իր մամլոյ լսարաններու դասախօսները, որպէսզի այնճարահայութիւնը առիթ ունենայ անոնց հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու եւ լսելու զիրենք:

Այս ծիրին մէջ, կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպում-դասախօսութիւնը անսովոր էր քանի մը պատճառներով: Նախ հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի երեկոյեան, փոխանակ ուրբաթ օրուան, որ մասնաճիւղի մշակութային ձեռնարկներուն սովորական օրն է: Ապա, ներկաներուն մէջ կային բարձր կարգերու աշակերտներ  եւ ուսուցիչներ, որոնց ներկայութիւնը գնահատելի երեւոյթ մըն էր:

Ամէնէն յատկանշականը, սակայն, այն բացառիկ հանդիպումն էր, որ ներկաները վայելեցին հայրենի հանրածանօթ մտաւորական Գարեգին Չուքասըզեանի հետ:

Գարեգին Չուքասըզեան

Սովորաբար դասախօսները կը խօսին մէկ ժամ կամ քիչ մը աւելի: Երկարելու պարագային, ներկաներէն ոմանք կը մեկնին: Այս հանդիպումը սովորականին հակառակը եղաւ: Ներկայացումը տեւեց աւելի քան երկու ժամ, իսկ աւարտէն ետք ներկաները չէին ուզեր մեկնիլ սրահէն…

Արդեօք բան մը սխա՞լ էր: Ո՛չ, բան մը աւելի ճիշդ օր սովորականէն: Գարեգին Չուքասըզեան հաճելի ոճով, բծախնդրութեամբ եւ ազգային բարձր ոգիով պաստառին վրայ ներկայացուց երկու «համայնագիտարաններ»` Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու գործը եւ Հայոց ցեղասպանութեան խտասալիկները:

Ներկաները շշմած էին ի տես տարուած վիթխարի աշխատանքին: Գարեգին Չուքասըզեան նոր հորիզոն մը ցոյց տուաւ հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ներկայացման առումով (արդի արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւններուն օգտագործումով): Ի՜նչ շտեմարաններ են այդ խտասալիկները` անթիւ լուսանկարներու, գիրքերու, փաստաթուղթերու…:

Անբացատրելի հպարտութիւն մը լեցուց մեր սիրտերը ի տես այս հրաշալի իրագործումին: Կոթողական իրագործում` փոքրաթիւ անձնակազմով (ite-ի անձնակազմ):

Արդարօրէն, Արամ Խաչատուրեանի նուիրուած խտասալիկը գնահատուած է իբրեւ աշխարհի լաւագոյնը, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան «համայնագիտարան»ը արժանացած է բարձր գնահատանքի եւ յատուկ մրցանակի:

Ահաւասիկ հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ուսուցման, քարոզչութեան եւ Հայ դատի պայքարի նոր զէնք մը, զոր կրնան լաւագոյնս օգտագործել մեր երիտասարդներն ու ուսսուցիչները:

Բառերը աւելորդ են: Պէտք է շնորհաւորել հայրենի մտաւորական Գարեգին Չուքասըզեանն ու իր գործակիցները` այս բացառիկ յաջողութեան համար:

Նշենք, որ Գ. Չուքասըզեանի դասախօսական շարքը կ՛իրականանայ «Փիւնիկ» հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Շնորհակալութիւն «Ազդակ»ի տնօրէնութեան, որ կը յաջողցնէ նման արդիւնաբեր ներկայացումներ:

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

2 հոկտեմբեր, 2011
Այնճար

 

Share this Article
CATEGORIES