ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԴԱՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ` ներկայութեամբ դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա, Պետական շաուրայի նախագահ, դատախազ Շուքրի Սատեր եւ այլ դատաւորներ:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները թիրախ դարձնող որեւէ վիրաւորանք, քննադատութիւն կամ զրպարտութիւն:
Ան հաստատեց, որ իրենք նախանձախնդիր են, որ Լիբանանի Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդը լուծումներ գտնէ իր բացթողումներուն եւ հսկէ իր անկախութեան, չէզոքութեան, արդարութեան եւ պարկեշտութեան:
Վարչապետը հաստատեց, որ դատախազներուն յատկացուած աշխատավարձի յաւելումը նուաճում մըն էր եւ դատական իշխանութիւններուն իրաւունքը: «Հետեւաբար, պէտք է դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը իրագործել` յարգելով երկրին սահմանադրութիւնն ու Ազգային համերաշխութեան ուխտը», ըսաւ Միքաթի:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի Արեւմտեան Ասիոյ տնտեսական եւ ընկերային յանձնախումբի գործադիր քարտուղար Ռիմա Խալաֆը, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի մէջ ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնին շրջակայքը գտնուող փողոցները փակելու հարցը:
Հանդիպումէն ետք Խալաֆ շեշտեց, որ ցնոր տնօրինում, ԷՍՔՈՒԱ-ի շրջակայքը գտնուող փողոցները փակ պիտի մնան: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ԷՍՔՈՒԱ-ին յատկացուցած է Պէյրութէն դուրս գտնուող նոր հողաշերտ մը, ուր կարելի է բարձրացնել այդ կառոյցը` աւելցնելով սակայն, որ շինութեան այդ աշխատանքը կրնայ չորս տարի տեւել:
Ռիմա Խալաֆ հաստատեց, որ ԷՍՔՈՒԱ իր կեդրոնը կ՛ուզէ պահել Լիբանանի մէջ եւ կը մերժէ հաստատուիլ արաբական որեւէ այլ երկրի մէջ:
Վարչապետը ընդունեց նաեւ անձնական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունը, որուն հետ քննարկեց հիւանդանոցային մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներուն կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Հարուն յայտնեց, որ աշխատաւորներուն աշխատավարձի յաւելում շնորհելու պարագային, բուժման սակերը ինքնաբերաբար պիտի սղին:
Անհրաժեշտ է նշել, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի իր կարգին այցելեց վարչապետարան, ուր Միքաթիի ներկայացուց նախարարութեան իրագործումներն ու նախարարութեան աշխատանքին ծիրին մէջ կատարուելիք հետապնդումները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսը, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆՇԵՆՔ, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, յառաջիկայ 29-էն 30 հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ ետ պիտի տարուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը պատրաստուի հանդիպում մը ունենալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Նոյն օրաթերթը կը նշէ, որ Միքաթի չի կրնար խուսափիլ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու իր պարտականութենէն:



