ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃԵՐՈՒՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆՑԵԼՈՒ ՆԱԽՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

Էլիաս Մըր եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց վերջ տալու բանավէճերուն եւ շրջանցելու նախորդ հանգրուանն ու փոխադարձ ամբաստանութիւնները, որոնք տակաւին կը շարունակուին հրապարակելով տեղեկագիրներ, որոնք շատ անգամ մասնատուած կ՛ըլլան, այլ իմաստներ տալու եւ մեկնաբանութեանց դռներ բանալու առումով:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ նման երեւոյթներ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի ներկայ քաղաքական կեանքին վրայ: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ Տոհայի համաձայնագիրին ոգիին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այսօրուան հրատարակութիւնները ոչ մէկ ձեւով կը դրսեւորեն տարբեր հեղինակութիւններուն եւ ղեկավարութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններն ու փոխադարձ տեսակէտները, հետեւաբար պէտք չէ զանոնք լուսարձակի տակ առնենք` պահպանելու համար երկրին ներքին կայունութիւնն ու ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ նախագահին յանձնեց նախարարութեան պատրաստած ընտրական օրինագիծը: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման` ներկայութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, ընդունեց Ազգային որոշումներուն մէջ լիբանանցի կիներու դերակատարութիւնը աշխուժացնելու յատուկ խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Հայաթ Արսլանի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Արսլան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի կիներու իրաւունքներուն եւ ազգային ու քաղաքական կեանքին մէջ անոնց դերակատարութեան բարելաւման:

 

Share this Article
CATEGORIES