«ԻՆՉՊԷՍ ԲՌՆԱԳՐԱՒԱԾ ԵՆՔ ԱՅԴ ԻՆՉՔԵՐԸ, ԱՅՆՊԷՍ ԱԼ ԶԱՆՈՆՔ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԸՆՉ

Պիւլենթ Արընչ

«ՀապերԹիւրք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ իր կնոջ` Միւնեւեր Արընչի հետ միասին երգած է Անտիոքի քաղաքակրթութիւններու երգչախումբին մէջ:

Մանիսայի «Անեմոն» պանդոկին մէջ կազմակերպուած համերգին ընթացքին Արընչն ու անոր կինը կատարած են «Թուրք եմ» երգը: 1.5 ժամ տեւած համերգին ընթացքին հնչած են հայերէն, թրքերէն, եբրայերէն եւ արաբերէն երգեր:

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Արընչ համերգէն առաջ արտասանած իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ ինք այս երգչախումբին մասին առաջին անգամ լսած էր չորս տարի առաջ` դեսպաններու ի պատիւ սարքուած հանդէսի մը ընթացքին եւ տեսած էր, որ ան մեծ տպաւորութիւն գործած էր օտար դիւանագէտներու վրայ: Ան ըսած է, որ երգչախումբը, որ երեք կրօններու միասնութիւնը կը ցոլացնէ եւ կազմուած է զանազան ազգերէ, նաեւ հայերէ, հիմա օրինակելի է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին համար:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը ըսած է, որ Մանիսայի մէջ իսկ հայեր կ՛ապրին, երբ Քըրքաղաչ գացած է, տեսած է 1916-ի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն մէկուն խմբանկարը, որուն մէջ հինգ հայեր տեղ գրաւած էին:

«Հայեր ապրեցան Մանիսայի կամ Քըրքաղաչի մէջ: Այս հողերուն վրայ միասին ապրեցանք: Օսմանեան ժամանակաշրջանը ցոյց տուաւ այս միասնութիւնը: Հիմա մէկդի դրէք այն, ինչ որ պատահեցաւ աւելի ուշ: Անիկա տարբեր ողբերգութիւն մըն է: Այսօր միւս կրօններն ալ իրենց հիւանդանոցներով, դպրոցներով, աղօթատեղիներով մեծ հարստութիւն մը կը կազմեն Թուրքիոյ համար:

«Աւելի քան 160 համայնքային հաստատութիւններ կան, անոնք մեծ թիւով կալուածներ ունին: 1974-ին գրաւուած էին այդ կալուածները: Մենք անցեալները օրէնքին համազօր կանոնագրութիւն վաւերացուցինք, մեր բռնագրաւած կալուածները նոյնութեամբ կը վերադարձնենք փոքրամասնական համայնքներուն: Ասիկա Թուրքիոյ երեսը կը ճերմկցնէ: Օրինակ` Պալըքլըի յունական եկեղեցին մեր շրջանի ամէնէն կարեւոր հիւանդանոցներէն մէկն է, հոն կը գործեն թմրեցուցիչի կամ գինեմոլութեան դէմ ամէնէն հեղինակաւոր բժիշկները: Այնպէս կը հասկնամ, որ քաղաքակրթութիւններու այս երգչախումբը եւ այս երգչախումբին ներկայացուցած իմաստը մէկն է այն պատճառներէն, որոնք կը ստիպեն, որ Թուրքիա անդամակցի Եւրոպական Միութեան: Որովհետեւ ասիկա միասին ապրելու, բազմազանութեան մէջ միասնութիւն իրականացնելու սկզբունքը կը ցոլացնէ», ըսած է Արընչ:

Ըստ «ՀապերԹիւրք»ի, ան ըսած է. «Ինչպէս բռնագրաւած ենք այդ ինչքերը, այնպէս ալ զանոնք համայնքներուն պիտի վերադարձնենք: Ատիկա Թուրքիոյ համար պատիւի հարց է»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը իր արտասանած խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ Թուրքիա հիմա պարտաւոր է ցոյց տալ, թէ սխալ է այն վարկածը, թէ կրօններն ու քաղաքակրթութիւնները իրարու հետ բախումներ պիտի ունենան: Ընդհակառակն` հիմա կայ քաղաքակրթութիւններու համաձայնութիւն:

120 անդամներէ բաղկացած Անտիոքի քաղաքակրթութիւններու երգչախումբը կազմուած է 2007-ին` Անտիոքի նահանգապետարանին կողմէ: Երգչախումբին մէջ ներառուած են քրիստոնեաներ, հրեաներ եւ իսլամներ: Անոնց շարքին են տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` հայեր: Երգչախումբի 2012-ի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու առաջադրուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES