«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր» օրաթերթին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ առաջին սխալողը կը պարտուի: Ըստ անոր, Հայ ազգային քոնկրեսն էր առաջին սխալողը:
Վ. Յովհաննիսեան աւելի քան համոզուած է, որ Հայ ազգային քոնկրեսն ալ հասկցած է, թէ «բոլորովին աննշան առիթով դադրեցնելով իշխանութեան հետ բանակցութիւնները, մարտավարական սխալ գործած է»:
Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Հայ ազգային քոնկրեսը ծուղակին մէջ ինկաւ եւ բոլորը քաղաքական բանտարկեալ յայտարարեց: Ըստ անոր, քոնկրեսը հասկցաւ իր սխալը եւ որոշեց վերադառնալ, բայց ոչ խնդրողի, այլ` պահանջողի դիրքերով, անոր համար ալ հրապարակին վրայ կան վրաններ, ամպագորգոռ յայտարարութիւններ:
Խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչը համոզում յայտնեց, որ իշխանութիւնը երկխօսութիւնը շարունակելու Հայ ազգային քոնկրեսի առաջարկին պիտի համաձայնի, բայց քանի որ քոնկրեսը կարծր դիրքերէ կը խօսի, իշխանութիւնն ալ իր դիրքերը պիտի կարծրացնէ: Վահան Յովհաննիսեան նաեւ յայտնեց, որ իշխանութիւնները իրենց համար համաձայնելու ձեւ մը պիտի գտնեն:


