ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՐԴԵԳՐԵՑ ԼԻՊԻՈՅ ՎԵՐԵՒ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ԱՐԳԻԼԵԱԼ ԳՕՏԻ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Երէկ կէս գիշերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու վերաբերեալ որոշումը: Ձեռնպահ մնացին Ռուսիա եւ Չինաստան:
Մինչ այդ լիպիացի ըմբոստներ վար առին երկու ռմբաձիգներ, որոնք երէկ կը մասնակցէին ըմբոստներու կեդրոնատեղի Պենկազիի մերձակայքը գտնուող օդակայանի մը դէմ յարձակումին:
Ըմբոստները օգտագործեցին իրենց գրաւած երեք օդանաւերն ու ուղղաթիռներ` յարձակում գործելու համար դէպի Պենկազի յառաջացող Քազզաֆիի ուժերուն վրայ: Սակայն անոնք ձախողեցան Աժտապիա քաղաքի պաշարման արգելք հանդիսանալ: Աժտապիայի մէջ բախումներու ընթացքին 30 զոհեր եւ 80 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Ըմբոստները յայտնեցին, որ քաղաքի գրաւումէն առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ օժանդակութեան մը կը յուսան:
Քազզաֆիի ուժերը պետական պատկերասփիւռի կայանին ճամբով Պենկազիի բնակիչներուն յղեցին պատգամ մը` յայտնելով. «Մենք քաղաքին մօտ հասած ենք եւ կու գանք ձեզի օգնելու ու ձեր քաղաքը զինեալ աւազակախումբերէն մաքրելու»: Անոնք քաղաքացիներէն խնդրեցին այդ զինեալներուն գտնուած վայրերէն եւ զինամթերանոցներէն հեռանալ:
Քազզաֆիի ուժերուն արագ յառաջխաղացքը կը թուի Միացեալ Նահանգները մղած ըլլալ Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման նկատմամբ իրենց կասկածներէն հրաժարելով այդ գօտիի հաստատման համար ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը ջատագովելու: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ սկսաւ այդ ուղղութեամբ բանաձեւ մը քննարկելու: Դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Ֆրանսա վստահ է, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման բանաձեւի որդեգրման համար անհրաժեշտ քուէն պիտի ապահովուի, թէեւ Ռուսիա եւ Չինաստան ՄԱԿ-ի եւ օտար ուժերու Լիպիոյ հարցերուն միջամտութեան նկատմամբ կասկածներ յայտնած են: Ֆրանսացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ որեւէ զինուորական միջամտութեան մասնակից պիտի դառնան Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ արաբական երկիրներ: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ արաբական երկիրներու մասնակցութեան հարցը տակաւին քննարկումի առարկայ է: