ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՄՏԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ «ԵԿԱԾ Է ԻՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան երէկ Մատենադարանին մօտ կազմակերպուած բազմամարդ հանրահաւաքի իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ եկած է «գործելու ժամանակը»:
«Մենք շտապելու կամ իրադարձութիւնները արագացնելու խնդիր չունինք: Համոզուած ըլլալով, որ պայքարի յաջողութիւնը կապուած է բացառապէս մեր համբերութենէն, ինքնավստահութենէն, սառնասրտութենէն ու կարգապահութենէն: Շտապելու խնդիր ունի իշխանութիւնը, որովհետեւ յապաղումը թէ՛ անոր, թէ՛ երկրին համար կրնայ ճակատագրական ըլլալ: Եւս հանրահաւաք մը` եւ իշխանութիւնը իր դէմ պիտի գտնէ ամբողջ ժողովուրդը: Ուստի, եկած է իրական գործերու իրականացման ժամանակը», յայտարարեց Տէր Պետրոսեան:
Տէր Պետրոսեան երկրին վիճակը «պայթիւնավտանգ» նկատեց` ընդգծելով, որ անիկա «շուտափոյթ հանգուցալուծում կը պահանջէ»:
Յայտնենք, որ երեք տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով երէկ ընդդիմադիր ցուցարարները Մատենադարանէն ետք իրենց հանրահաւաքը շարունակեցին Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր զիրենք ողջունեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան հացադուլի մէջ գտնուող ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան: