ԻՐԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ
Իրանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի հաւաքականի անդամներուն` Լեւոն Փաչաճեանի եւ Վալերի Ալեքսանեանի կազմը` Սանաթ Նաֆթ, 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռահ Ահանի դաշտէն:
Փաչաճեան 79-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ Ալեքսանեան դաշտ չներկայացաւ:
Հաւաքականի այլ անդամ Արարատ Առաքելեանի կազմը` Մես, կրեց տարեշրջանի իր վեցերորդ պարտութիւնը Թրաքթոր Սազիէն` 3-1 արդիւնքով:
Առաքելեան, որ իր ակումբին հետ իր առաջին մրցումը կատարեց Իրանի ախոյեանութեան, 70-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
CATEGORIES Մարզական

