«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԿՐՆԱՅ ՅԱՂԹԵԼ, ԲԱՅՑ ԱՅԻՐԻ` ՈՉ» Կ՛ԸՍԵՆ ԳՐԱՒԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐԸ

Միջազգային գրաւի գրասենեակները արդէն իսկ սկսած են Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի վերջին երկու մրցումներուն գծով նախատեսել անոնց արդիւնքները եւ ըստ այնմ գրաւներ ընդունիլ:

Անոնց կարծիքով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին կը նկատուի յաղթական, սակայն Այիրի դէմ մրցումին` ոչ: Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 հոկտեմբերին, իսկ երկրորդը` 11 հոկտեմբերին:

Նշենք, որ Հայաստան իր կատարած վերջին մրցումին եկաւ փաստելու, որ գրաւի գրասենեակները սխալ գուշակութիւն ըրած են, երբ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Սլովաքիոյ:

 

Share this Article
CATEGORIES