ԱՆԳԼԻՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՄԱՐԶԻՉ ՄԱՔԼԱՐԸՆ ԼՔԵՑ ՖՈՐԵՍԹԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սթիւ Մաքլարըն նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ լքեց Նոթինկհամ Ֆորեսթը, որ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին:
Մաքլարըն, որ նախորդ յունիսին նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ, ախոյեանութեան գծով կատարած իր տասը մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց միայն երկու յաղթանակ:
Այժմ Ֆորեսթ արդէն իսկ սկսած է նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին:
Նշենք, որ այս տարեշրջանի աւարտին, ակումբին սեփականատէրը պիտի հրաժարի նախագահի իր պաշտօնէն, զոր կը վարէ տասը տարիէ ի վեր:
Ֆորեսթ, որ 1999-էն ի վեր մաս չի կազմեր բարձրագոյն դասակարգի խումբերուն, վերջին երկու տարեշրջաններուն կը յաջողի ապահովել փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը` առանց սակայն բարձրանալու բարձրագոյն դասակարգ:
Նշենք, որ Ֆորեսթ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած առաջին ակումբը հանդիսացաւ, երբ 2005-ին փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Արդեօք նշանակուելիք նոր մարզիչը պիտի յաջողի՞ իր նոր ակումբին հետ լաւ արդիւնք արձանագրել եւ անոր բարձրագոյն դասակարգի տոմս մը ապահովել:


