ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՔՐԱՍՆՈՏԱՐ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ 25 ՎԱՅՐԿԵԱՆ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Եուրա Մովսիսեանի կազմը` Քրասնոտար, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տինամօ Մոսկուայէն:
Հակառակ անոր որ Քրասնոտար ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Շիփիցինի (30-րդ), սակայն դաշտին տէրերը պատասխանեցին երկու անգամ` շնորհիւ Վորոնինի նշանակած երկու կոլերուն (33-րդ եւ 75-րդ):
Մովսիսեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ 65-րդ վայրկեանին:
CATEGORIES Մարզական

