ԹԵՆԻՍ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ «ՖԻՒՉԸՐԶ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Երուանդ Գասպարեան

Երէկ աւարտեցաւ «Ֆիւչըրզ» թենիսի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` ռուսահայ 24 տարեկան Երուանդ Գասպարեանի եւ 25 տարեկան աւստրիացի Ֆիլիփ Օսվալտոյի միջեւ:

Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ Գասպարեան, որ 6-7, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:

Այսպիսով, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 326-րդ դիրքը գրաւող Գասպարեան յաջողեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող «Ֆիւչըրզ» մրցաշարքերուն ծիրին մէջ տիրանալ իր երկրորդ տիտղոսին: Ան առաջին տիտղոսին տիրացած էր նախորդ օգոստոսի սկիզբը` Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա):

 

Share this Article
CATEGORIES