ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ՊԻՏԻ ՔԱՆԴՈՒԻ

Էրզրումի քաղաքային դատարանը չեղեալ յայտարարած է Կարսի դատարանին որոշումը` հայ-թրքական բարեկամութեան յուշարձանի քանդումը դադրեցնելու վերաբերեալ:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Էրզրումի դատարանը յուշարձանի հեղինակ Մեհմետ Աքսոյի հայցը անբաւարար նկատած է եւ ուժի մէջ ձգած է յուշարձանը քանդելու որոշումը:

Յիշեցնենք, որ յուշարձանը քանդելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, որ Կարս այցելութեան ժամանակ զայն «հրէշային» անուանած էր: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Էրտողան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջը կը կատարէ:

Share this Article
CATEGORIES