ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՀԱՄԱԶԵԿՈՒՑՈՂՆԵՐԸ

Նախագահ Սարգսեան` համազեկուցողներուն հետ

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթը եւ Աքսել Ֆիշըրը:

«Մենք պարոն Փրեսքոթին հետ քանի մը անգամ կարելիութիւն ունեցած ենք զրուցելու Եւրոպական խորհուրդի ծիրին մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութեան օգտակարութեան մասին եւ այն մասին, որ մենք բարձր կը գնահատենք եւրոպական կառոյցներուն կողմէ մեզի ցուցաբերուող օժանդակութիւնը` մեր երկրին հետագայ զարգացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հաստատման գործին մէջ:

Վստահ եմ, որ այս անգամ ալ օգտակար դիտողութիւններ եւ խորհուրդներ պիտի ըլլան: Պատրաստ ենք զանոնք լսելու եւ միասին աշխատելու: Այդ մարտահրաւէրները դրուած են մեր առջեւ: Մենք ցանկութիւն ունինք այդ խնդիրները լուծելու եւ այս ճամբուն վրայ կը գնահատենք մեզի մատուցուած օժանդակութիւնը», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:

Ճոն Փրեսքոթ նշեց, որ 1 մարտի իրադարձութիւններէն ետք փոփոխութիւնները յստակ են: Ըստ անոր, այս փոփոխութիւնները կը գնահատուին այն բանաձեւին եւ առաջարկներուն ներքեւ, որոնք կատարուած են իրենց կողմէ այս առիթով: Փրեսքոթ նախագահ Սարգսեանին ուղղելով իր խօսքը, նշեց, որ կարեւոր է այստեղ անոր ցուցաբերած կամքը եւ փոփոխութիւնները ստանձնած պարտաւորութիւններուն ուղղութեամբ:

Համազեկուցողները հանդիպում ունեցան նաեւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի հետ:

Զրոյցին ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Սիլվիա Զեհեն, քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ յառաջիկային տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւններուն առնչուող հարցեր:

«Երկիր»ի վստահելի աղբիւրին համաձայն, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ձգելէն ետք ասիկա առաջին անգամն է, երբ վեհաժողովի համազեկուցողները առանձին հանդիպում կ՛ունենան Օսկանեանի հետ, որ սկսած է աւելի կարծր ձեւով քննադատել գործող իշխանութիւններու արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը եւ բազմիցս յորդորած է քաղաքական հայեացքներու համար ազատ արձակել բանտարկուած ընդդիմադիր գործիչները:

Նախորդ երեք տարիներուն ընթացքին Օսկանեանի հետ (ոչ հրապարակային) առանձին հանդիպումներ ունեցան եւրոպացի բազմաթիւ բարձաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց շարքին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:

 

Share this Article
CATEGORIES