«ԱԶԴԱԿ»Ի ՏՊԱՐԱՆԸ Կ՛ՕԺՏՈՒԻ ՆՈՐ ԿԱԶՄԱԾՈՎ

Երէկ առտու «Ազդակ»ի տպարանին մէջ տեղադրուեցաւ տպագրական նոր սարքը, որուն ընձեռած կարելիութեամբ «Ազդակ»ի արտաքին էջերը կարելի պիտի ըլլայ տպել գունաւոր: Նոր կազմածին տեղադրման աշխատանքներուն զուգահեռ շուտով կը սկսին նաեւ տպագրական գործիքներու հիմնական նորոգութեան աշխատանքները: Աշխատանքները կը ծրագրուի աւարտել յառաջիկայ ամսուան վերջը:

Նոր կազմածներով եւ հիմնական նորոգութիւններով, «Ազդակ»ի տպագիր-աւանդական տարբերակին կ՛ապահովուի  յաւելեալ գեղատիպութիւն:

Հայ տպագիր մամուլի առաքելութեան յաջողութեան նոր խթան կը հաղորդէ «Երջօ Սամուելեան-Եռագոյն ֆոնտ»ը, որուն կատարած նուիրատուութեան շնորհիւ կ՛իրականանայ այս ծրագիրը:

 

Share this Article
CATEGORIES