ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Փարիզէն վերադարձաւ Լիբանան, առանց հանդիպում մը ունենալու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի քրիստոնեաները երաշխիքի կարիք ունին ժողովրդավարական եւ ոչ թէ բռնատիրական վարչակարգերէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վաւերացնէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման թղթածրարը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ նկատել տուաւ, որ ինք կը մերժէ ընտրական իմաստով Ժոմպլաթի առաջարկած ծայրայեղ կեցուածքները. ան աւելցուց, որ ներկայ ընտրական օրէնքին կառչած մնալը կրակով խաղալու համազօր է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Կիպրոս` Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծում կատարելու նպատակով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին լուծում մը գտնելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վրայ բանեցուող ճնշումները հետզհետէ կը սաստկանան, որպէսզի զինք մղեն ընտրելու Միջազգային դատական ատեանին կամ կառավարութեան միջեւ:

ԸՍՏ «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին, նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն պիտի նշանակուի Լիբանանեան համալսարանի նախագահ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ լարուածութիւնը հրահրելու մտավախութիւններ չկան, որովհետեւ պաղեստինցիները յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զասպիքին շեշտեց, որ Սուրիոյ ներքին հարցերը պէտք է լուծել ներքին երկխօսութեամբ եւ ոչ թէ արտաքին միջամտութիւններով:

ԵԱՐԶԷԻ մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը դէմ կը դնէ Լիբանանը թիրախ դարձնող սադրանքներուն եւ քաղաքական վտանգաւոր հարցերուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի` այցելելէ ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա կը մնայ լիբանանեան գերիշխանութիւնը ներկայացնող հեղինակութիւնը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց աշխուժացնելու պետական հաստատութիւնները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի կոչ ուղղեց բոլոր հարցերուն շուրջ երկխօսութիւն կատարելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները կը ներկայացնեն ժողովրդային յեղափոխութեան մեծ շարժում մը, որուն նպատակը ներկայ վարչակարգի տապալումն է, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու պահանջը մեծ է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսունի զաւկին սպանութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա սուրիացի ժողովուրդին ազգային միասնականութիւնը հարուածող ձախող փորձ մըն է:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Էլի Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ընդդիմանալն ու անոր ֆինանսաւորումը մերժելը իմաստուն գործ չէ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ ինք կը շարունակէ զօրակցիլ Պքերքէի հեղինակութեան` աւելցնելով, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւնները Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին մտավախութիւններն են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը երկրին մէջ իրագործուելիք բոլոր բարեկարգումներուն սկիզբն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը կը մնայ պատճառաբանութիւն մը, որ Իսրայէլը կը մղէ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը սանձազերծելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին պաղեստինեան հարցին եւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES