ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քոնելլի վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ եւ միջազգային ընտանիքը Լիբանանէն եւ լիբանանեան բանակէն կ՛ակնկալեն յանձնառու մնալ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ շարունակել ամրապնդել լիբանանեան սահմաններուն ապահովութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք պաշտօնական այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Քոնելլի նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակը պատասխանատու է Լիբանանի մէջ ապրող սուրիացի ընդդիմադիրներու ապահովութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան պատասխանատու է նաեւ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:

