ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ-ՂԱՍՍԱՆ ՂՈՍԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վարչապետ Միքաթի` Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ հանդիպման պահուն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանցի աշխատաւորներուն նուազագոյն աշխատավարձը սրբագրելու հեռանկարները:

Պատուիրակութիւնը պետութիւնը պատասխանատու նկատեց ապրուստի սղաճին` նկատել տալով, որ պետութիւնը միշտ կը թերանայ քննչական իր աշխատանքներուն մէջ:

Հանդիպումէն ետք Ղոսըն յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կ՛աշխատի սրբագրել աշխատավարձերու գումարը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այս իմաստով կը խորհրդակցի համադաշնակցութեան հետ:

Ղոսըն նկատել տուաւ, որ վարչապետ Միքաթի պիտի սպասէ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբի տեղեկագիրին` շեշտելով, որ համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդը իր նիստերը բաց պիտի պահէ

մինչեւ յառաջիկայ 12 հոկտեմբեր` աւելցնելով, որ համադաշնակցութեան պահանջները չգոհացնելու պարագային Լիբանանի մէջ բաց գործադուլ պիտի կատարուի:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ վարչապետին հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիա շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ իր դիմագրաւած տագնապէն:

Պատասխանելով Միքաթիի Սուրիա կատարելիք այցելութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Ալի յայտնեց, որ Սուրիա Միքաթիի երկիրն է եւ անոր այցելութիւնը որեւէ ատեն ողջունելի է:

Միքաթի ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Նազեմ Խուրի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որոնք վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեցին իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հերքեց «Մուսթաքպալ» հոսանքին սպրդեցուցած այն տեղեկութիւնները, թէ ինք գաղտնաբար այցելած է Սուրիա եւ հանդիպում ունեցած արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ Ռըսթոմ Ղազալէի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES