ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՐԱՏԸ, ՇԱԹԻԼԱՆ ԵՒ ՀԱՄՏԱՆԸ

Նախագահ Ասատ` լիբանանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մրատը, Մուրապիթուն շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտանը եւ լիբանանեան ժողովրդային համագումար շարժումի նախագահ Քամալ Շաթիլան, որոնց հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի, յատկապէս` Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն ծրագիրները, որոնք թիրախ կը դարձնեն շրջանը եւ կը միտին զայն բաժնել, իսկ Սուրիոյ պարագային, անոնք կը միտին թիրախ դարձնել Սուրիոյ ազգային եւ արաբական կեցուածքները:

«ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ լիբանանցի քաղաքական գործիչները շեշտած են, որ Սուրիա շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ այս հանգրուանէն, յատկապէս պաղեստինեան հարցին զօրակցութեան առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES