«ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Շարք» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման: Ան շեշտեց, որ այդ ատեանին ֆինանսաւորումը չի նշանակեր, թէ այդ ատեանին մասին կարգ մը դիտողութիւններ առկայ են: «Ֆինանսաւորումը բան մըն է, իսկ Միջազգային բանաձեւերուն ճանաչումը ուրիշ բան», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ 2008-էն ի վեր Լիբանանի մէջ կառավարութիւնները կը կազմուին առանց արտաքին միջամտութիւններու` աւելցնելով, որ ինք իր իրաւասութիւնները ոչ ոքի հետ կը կիսէ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ երեսփոխան Մարուան Ֆարես: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ նախագահ Սլէյմանը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 16 հոկտեմբերին Շուֆի Տեր Տուրիթ շրջանին մէջ «Սահապի Սալման Ֆարիսի»ի անուան հիւանդանոցի հիմնարկէքին: