«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԵԼԻՔ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԻ ՏԱՐՐԵՐՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք ամերիկեան հակահրթիռային վահանի տարրերը Իսրայէլը պիտի պաշտպանեն:
«Ռատարի այդ կայանին նպատակը Իսրայէլի պաշտպանութիւնն է: Թուրքերը չեն ուզեր, որ սիոնական վարչակարգին կողմէ հաւանական յարձակումի մը պարագային մենք Իսրայէլը ռմբակոծենք», ըսած է Իրանի նախագահը:
CATEGORIES Միջազգային