ԼԻԲԱՆԱՆ ՁԵՌՆՊԱՀ ՄՆԱՑ. ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՎԵԹՈՅԻ ԵՆԹԱՐԿԵՑԻՆ

Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ներկայացուցիչներուն վեթոյի իրաւունքի օգտագործման պահուն

Ռուսիա եւ Չինաստան երեքշաբթի ուշ գիշերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Փորթուգալի ներկայացուցած Սուրիան դատապարտող բանաձեւը վեթոյի ենթարկեցին: Ասիկա այն հազուադէպ պարագաներէն էր, որ այս երկու երկիրները բանաձեւ մը միասնաբար վեթոյի կ՛ենթարկեն: Նմանօրինակ դէպք արձանագրուած էր Զիմպապուէի եւ Միանմարի շուրջ բանաձեւերուն պարագային:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիան դատապարտող բանաձեւին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ձախողութենէն զայրացած ենք»: Ան աւելցուց, որ «Սուրիոյ տագնապը Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ պիտի մնայ, եւ պիտի չհանգչինք, մինչեւ որ խորհուրդը իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնի»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «ցաւ» յայտնեց Սուրիոյ դէմ որոշումի մը հրապարակման ձախողութեան համար` վստահեցնելով, որ «որոշումը հրապարակելու ձախողութիւնը մեզի ետ պիտի չկանգնեցնէ եւ անպայման անմիջապէս (Սուրիոյ դէմ) պատժամիջոցներ պիտի հաստատենք»:

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ դատապարտեց Սուրիան թիրախի վերածելու ընթացքը` նշելով, որ «կարգ մը դեսպաններու օգտագործած թշնամական լեզուն հաստատեց այն, ինչ որ ըսինք, թէ երկիրս իր թշնամիներուն կողմէ սկզբունքէ մեկնած թիրախ կը դառնայ եւ ոչ թէ որեւէ մարդասիրական պատճառով»: Ան աւելցուց, որ թշնամական այդ լեզուն կը բացայայտէ ծաւալը կարգ մը արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ Սուրիոյ եւ անոր քաղաքական ղեկավարութեան դէմ շղթայազերծուած արշաւին, որ «այդ մայրաքաղաքներու օրակարգերէն անկախ եղող Սուրիոյ քաղաքական կեցուածքներուն պատճառով է»: Ան կարգ մը երկիրներ ամբաստանեց մարդկային իրաւանց եւ քաղաքայիններու պաշտպանութեան պիտակին տակ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտելու արշաւ մը ղեկավարելնուն համար: «Այդ պետութիւնները կը շարունակեն մերժել, թէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներ կան, ընդհակառակն` այդ խմբաւորումներու ղեկավարներուն նկատմամբ պաշտպանութիւն եւ հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն», ըսաւ ան: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչները ժողովէն հեռացան` իբրեւ բողոք Սուրիոյ ներկայացուցիչին արտասանած խօսքին:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները բանաձեւին շուրջ մէկ ժամ ուշացումով քուէարկութիւն կատարեցին: 9 երկիրներ` Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Գերմանիա, Փորթուգալ, Պոսնիա, Նիկերիա եւ Կապոն բանաձեւին թեր քուէարկեցին, իսկ 4 երկիրներ` Լիբանան, Հնդկաստան, Պրազիլ եւ Հարաւային Ափրիկէ ձեռնպահ մնացին: Ռուսիա եւ Չինաստան օգտագործեցին վեթոյի իրենց իրաւունքը:

Միւս կողմէ, արաբական լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Դամասկոս տուած իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցած է «պատգամ մը, թէ լիպիական տարբերակով պատերազմ մը պիտի դիմագրաւէ, եթէ շարունակէ իր ժողովուրդը ճնշել»: Ասատ ջղագրգիռ կերպով պատասխանած է, ինչ որ շշմեցուցած է Տաւութօղլուն: Վերջինս հարցուցած է, եթէ Ասատ կ՛ուզէ, որ իր պատգամը Անգարայի փոխանցէ: Սուրիոյ նախագահը պատասխանած է. «Եթէ ոեւէ մէկը խենթ շարժում մը ընելով Սուրիոյ դէմ յարձակի, վեց շաբաթէ աւելի ժամանակի կարիք չունիմ հարիւրաւոր հրթիռներ Կոլան փոխադրելով զանոնք Թել Աւիւի ուղղութեամբ արձակելու, եւ Հըզպալլայէն եւս պիտի պահանջեմ իր հրթիռները Իսրայէլի վրայ արձակել: Հրթիռները այնպիսի մեծ տարողութեամբ պիտի ըլլան, որ գաղտնի սպասարկութիւնները չեն նախատեսած: Այդ ամէնը տեղի պիտի ունենայ առաջին երեք ժամերուն ընթացքին, իսկ մնացեալ երեք ժամուան ընթացքին Իրան պիտի յարձակի Ծոցի մէջ գտնուող ամերիկեան մարտանաւերուն դէմ»:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական բանակը Անտիոքի մէջ սուրիական սահմանին մօտ սկսած է պահեստի ուժերու զօրակոչի ռազմափորձի մը, որ մէկ շաբաթ պիտի տեւէ եւ տարիներէ ի վեր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ իր տեսակին մէջ առաջինն է:

Վերջերս Պոլսոյ մէջ սուրիացի ընդդիմադիրներուն կազմած Սուրիոյ ազգային խորհուրդի հիմնադիր երկու անդամներ միջազգային ընտանիքին եւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեցին Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններուն միջազգային պաշտպանութիւն ապահովելու, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ սուրիական բանակին եւ իշխանութեան համակիր ուժերուն դիրքերը օդային հարուածի ենթարկելու ճամբով:

Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու գործունէութեան ընդհանուր հսկիչ Ահմետ Ռիատ Շաքֆա «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անուղղակի կերպով միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ միջամտելու Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի միջամտութեան նման, այսինքն` վարչակարգին հաւատարիմ ուժերուն դիրքերը օդային հարուածներու ենթարկելու` առանց հետեւակ ուժերու օգտագործման:

Դամասկոսի յայտարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ամին Նաշշար իր կարգին յայտնեց. «ՄԱԿ-էն եւ միջազգային ուժերէն կը պահանջենք այս վարչակազմին կողմէ կազմակերպուած սպանութեան գործողութիւնը դադրեցնելու համար իրենց յարմար դատած միջոցառումները որդեգրելու»` աւելցնելով, որ «մենք մեր երկիրը բռնագրաւելու միջամտութիւն մը չենք ուզեր, այլ` սպանութեան գործողութիւնը դադրեցնելու»:

Լիպիոյ մէջ Քազզաֆիի ուժերուն Պենկազիի դռներուն հասնելէն ետք ՕԹԱՆ-ի միջամտութեան ակնարկելով` Նաշշար հարց տուաւ. «Եթէ ՕԹԱՆ չշարժէր, Պենկազի քաղաքին մէջ ի՞նչ պիտի պատահէր»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES