ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունենալիք իր հանդիպումը պիտի ըլլայ բացայայտ:
ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ սակերը նուազում արձանագրած են: Պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, մազութինը` 500 լ. ոսկիով, իսկ կազինը` 400 լ. ոսկիով:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ընդվզած է Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումէն եւ ահաբեկչական բջիջներու ֆինանսաւորումէն:
ՄՈՍԱՏԻ նախկին նախագահ Մայիր Տական յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին տապալումը մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ Հըզպալլայի համար եւ պիտի տկարացնէ զայն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան արաբական ազգային ընտրանքին` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ 18 տարեկան երիտասարդներուն քուէարկութեան իրաւունք շնորհել:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ աշխատավարձերու սրբագրումը եւ արձանագրուելիք յաւելումները ոչ մէկ հարց կը ստեղծեն 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրի նախագիծին վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ արձանագրուած տարակարծութիւնները ոճի հետ կապուած են եւ ոչ թէ էութեան:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ երկխօսութիւն կատարելու հորիզոններ գրեթէ չկան:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի գաղտնի այցելութիւն մը տուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ժողովրդային բողոքները պիտի շարունակուին մինչեւ սուրիական վարչակարգին փոփոխութիւնը: