«ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ՍՐԲԱԳՐԵԼ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՂԱՍՍԱՆ ՂՈՍԸՆ
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր յանձնախումբի նախագահ Ղասսան Ղոսըն երէկ ներկայ գտնուեցաւ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին հաստատեց, թէ համադաշնակցութիւնը որոշած է սրբագրել լիբանանցի քաղաքացիներուն աշխատավարձերը:
Ղոսըն նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` ճշդելու համար օտար աշխատաւորներու պայմանները` հսկելով, որ անոնք հետեւին կարգ ու կանոնին եւ կատարեն իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները` աշխատանքի օրինական արտօնագիր ստանալէ ետք:
CATEGORIES Լիբանանեան

