Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ. «ԿԸ ՄԵՐԺԵՄ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ»

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը մերժէ գործադուլի սկզբունքին հիման վրայ պահանջներու ներկայացումը:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու որոշումի քուէարկութեան ընթացքին Լիբանանի ձեռնպահ մնալու իրականութեան` Փ. Մանճեան ըսաւ, որ լիբանանցիները պէտք է ջանան արաբական երկիրներուն մէջ կացութիւնը հանդարտեցնել, եւ կոչ ուղղեց չէզոք կեցուածք որդեգրելու ու միջամտութիւններ չկատարելու:

Ան աւելցուց, որ իւրաքանչիւր պետութեան պարագային բարեկարգումներու գործադրութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն անոնք պէտք է գործադրուին ներքին երկխօսութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES