ԱՅՆ ՍԱԱՏԷԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ
Այն Սաատէի բնակիչները երէկ բողոքի ցոյցեր կատարեցին իրենց բնակած շրջանին մէջ ելեկտրականութեան բարձր լարման գիծերու հաստատումին դէմ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն անոնք փակեցին ճամբաները` շեշտելով, որ իրենք կը մերժեն Այն Սաատէի մէջ բարձր լարման գիծերու հաստատումը` ուժանիւթի նախարարութեան հետ համաձայնութիւն ստորագրած կապալառուներուն կողմէ:
Բողոքի ցոյցին զօրակցեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններ, որոնք շեշտեցին, թէ ելեկտրականութեան բարձր լարման գիծերու հաստատումը վնաս կը հասցնէ բնակիչներուն առողջութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան