ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԴԱՒԻԹ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ 2012-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Երէկ, Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Յակոբեան չյաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ պարտութիւն մը կրեց ռումանացի իր մրցակիցէն` Պոկտան Եուրաթոնիէն, 75 քկ դասակարգին մէջ, 21-17 արդիւնքով:
Սակայն, ան օր մը առաջ արդէն իսկ ապահոված էր 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը:
Ռուսիան ներկայացնող Դաւիթ Հայրապետեան (49 քկ)` 15-8 արդիւնքով յաղթելէ ետք սպանացի Խոսէ տը լա Նիեւի, ապահովեց կիսաւարտականի եւ Ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը, ինչպէս նաեւ նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը:
CATEGORIES Մարզական