ՔԱՐԹԻՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱԲԱԹ, 8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ 2-ՐԴ ԵՒ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, «Փիթ Սթափ»ի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուանի մրցումները: Տեղի պիտի ունենան 9-12 տարեկան դասակարգի եւ 12-14 տարեկան դասակարգի երկուքական մրցումներ (ընդամէնը` չորս մրցում):
Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 7 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ը` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):
CATEGORIES Մարզական

