ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԸ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան, կիրակի, 9 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումը` կուպրապատուած ճամբաներու վրայ:
Անիկա պիտի սկսի Թապարժայէն (Քըսրուան)` հասնելով մինչեւ Թրիփոլի եւ վերադառնալով Թապարժա:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ հինգ հանգրուանի մրցումներ: Վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 6 նոյեմբերին:
Նշենք, որ վերջին երկու շաբաթներուն տեղի ունեցաւ Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը («Մաութըն Պայք»):
CATEGORIES Մարզական
