ՊԷՅՐՈՒԹ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՕՐ. ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԻ ՀԵՏ

Ընդհանուր Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէին յանձնախումբի նախագահ Մայ Խալիլ, փոխնախագահ եւ հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմ, ինչպէս նաեւ Մարաթոնի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Իլհամ Ֆաքիհ եւ մարզական լրագրող Հասսան Մուհիյէտտին:

Զօր. Իպրահիմ խոստացաւ իր ամէն կարելին ընել` դիւրացնելու համար Մարաթոնի յանձնախումբին կատարելիք աշխատանքը եւ հսկելու համար Լիբանան եկող օտար վազողներու կեանքին ապահովութեան:

Երկու կողմերը համաձայնեցան նախքան 2011-ի Մարաթոնը, այլ հանդիպում մըն ալ ունենալ:

Share this Article
CATEGORIES