ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի.

«Սիրելի՛ համակիրներ. ինչպէս տեղեակ էք, ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Մակեդոնիա Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումը:

Աւելորդ է ըսել, թէ որքա՛ն կարեւոր է այս մրցումը եւ որքա՛ն մեծ նշանակութիւն ունի ձեր աջակցութիւնը մեր հաւաքականի տղոց համար: Ճիշդ այդ պատճառով ալ, ձեզմէ կը խնդրենք կարելի եղածին չափ շուտ գալ մարզադաշտ` քաջալերելու համար մարզիկները: Աւելի՛ն. ձեր այդ քայլով կ՛օժանդակէք մարզադաշտի անվտանգութեան եւ ապահովութեան աշխատանքներու իրականացման:

Մարզադաշտը բաց պիտի ըլլայ համակիրներուն համար` երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ (Երեւանի ժամանակացոյցով):

Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար: Կը հանդիպինք հանրապետական մարզադաշտին մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES