ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ` ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՈՒԷ ՎԻՔ ԴԱՐՉԻՆԵԱՆԸ
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ պիտի պատուէ կռփամարտիկ Վիք Դարչինեանը յառաջիկայ 26 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունենալիք յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին` առ ի երախտագիտութիւն անոր կատարած մեծ աշխատանքին եւ թափած ճիգերուն, ի խնդիր միջազգային գետնի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
Թէեւ Դարչինեան աւստրալիական քաղաքացիութիւն ունի, սակայն ան միշտ ալ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր աշխատող մը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մենամարտէ առաջ մուտք գործած է հայկական Եռագոյն դրօշակով:
CATEGORIES Մարզական