«ՅՈՒՇԵՐ ԵՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ». ՄԵԹՐ ԳՐԻԳՈՐ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

2011-ին Հալէպի «Կիլիկիա» հրատարակչատան սեփակատէր Մաթիկ Էպլիղաթեան իր հօր` մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով լոյս ընծայեց «Յուշեր եւ վկայութիւններ» հատորը:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 120 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ երկու հիմնական բաժիններ: Առաջին բաժինը կը կոչուի «Յուշեր», իսկ երկրորդը` «Վկայութիւններ»:

Սոյն հրատարակութեան «Յուշեր» խորագրեալ բաժինով մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան կը ներկայացնէ իր կեանքի այլազան հանգրուանները, զորս անցուցած է ինք Ռումանիոյ, Յունաստանի եւ Սուրիոյ մէջ:

Մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան կ՛ըսէ, թէ ծնած է Ռումանիոյ Փլոէշտի քաղաքը, 28 փետրուար 1924-ին:

Իր ծնողները` Մատթէոս Էպլիղաթեան եւ Մարինոս Չիլինկիրեան կ՛ամուսնանան Պոլսոյ մէջ, 30 հոկտեմբեր 1917-ին եւ կ՛ունենան երկու մանչ զաւակներ` Մելգոն եւ Գրիգոր:

Իր հայրը` Մատթէոս, երիտասարդ տարիքէն եղած է անդամ Հ. Յ. Դաշնակցութեան:

1915-ի Եղեռնի օրերուն Մատթէոս կը պահուըտի Պոլսոյ մէջ, որպէսզի չձերբակալուի թրքական ոստիկանութեան կողմէ: Հետագային, 1920-1922 տարիներուն կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Պոլսոյ հիւպատոսի պաշտօնը: Դէպքերու բարեդէպ զուգադիպութեամբ, իրաւաբան Մատթէոս Էպլիղաթեան կը յաջողի հեռանալ Պոլսէն 10 դեկտեմբեր 1922-ին, իտալական «Փրակա» նաւուն միջոցով եւ ապահով կը հասնի Ռումանիոյ Փլոէշտ քաղաքը: Մատթէոս կը մեկնի Հալէպ 1932-ին, ուր կը վարէ Ազգային Հայկազեան երկսեռ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Իսկ Էպլիղաթեան ընտանիքը կ՛անցնի Յունաստանի Աթէնք քաղաքը, ուր Գրիգոր կը յաճախէ Հայ կաթողիկէ վարժարանը` ուսուցիչ ունենալով բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենցը:

Ապա, ընտանեօք կը փոխադրուին Հալէպ 1933-ի Մայիսին, ուր 1933-1934 կրթական տարեշրջանին Գրիգոր Էպլիղաթեան կը յաճախէ Հայկազեան վարժարանը: Յիշեալ վարժարանի ուսուցիչներէն ան կը յիշէ Եդուարդ Տասնապետեանը, որ Մալխասի «Զարթօնք»էն կը կատարէր ընթերցումներ:

Իսկ 1935-ի աշնան Էպլիղաթեան ընտանիքը կը փոխադրուի Անտիոք, ուր Գրիգորի հայրը կը զբաղի փաստաբանութեամբ:

Անտիոքի մէջ Գրիգոր Էպլիղաթեան կը յաճախէ Քափուչինեան միաբանութեան վարժարանը եւ յաջորդ տարի` Անտիոքի լիսէն, ուր կը հետեւի արաբական բաժնի դասընթացքներուն:

Անտիոքի մէջ կ՛անդամագրուի ՀՄԸՄ-ին եւ խանդավառութեամբ կը մասնակցի Հալէպի մէջ տեղի ունեցած միջմասնաճիւղային տողանցքին: 1938-ի ամրան կ՛երթայ Քեսապ:

1939-ի յունիսի 30-ին Ֆրանսական կառավարութիւնը սանճագը կը յանձնէ Թուրքիոյ: Սանճագի պարպումի շրջանին Էպլիղաթեան ընտանիքը չի գաղթեր, այլ կը մնայ Քեսապ, որ սուրիական իշխանութեան սեփականութիւնը կը նկատուէր:

Լաթաքիոյ մէջ Գրիգոր Էպլիղաթեանի իրաւաբան հայրը` Մատթէոս, դատաւոր կը նշանակուի: Աղբայրը` Մելգոն, 1938-ին յաջողելէ ետք երկրորդ պաքալորէայի քննութեան մէջ, կը մտնէ Պէյրութի ֆրանսական բժշկական համալսարանը: Իսկ Գրիգոր կ՛ուսանի Լաթաքիոյ Ֆրերներու վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք կը պաշտօնավարէ Լաթաքիոյ Հանրօգուտ շինութեանց տնօրէնութեան մէջ, 1943-ի փետրուարին: Ապա կը հետեւի Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղին, հեռակայ դրութեամբ, զոր կ՛աւարտէ 1947-ին:

1948-ի ապրիլ ամսուն կը նշանակուի Լաթաքիոյ նահանգի օգնական դատաւոր:

1950-ին կը դառնայ հաշտարար դատաւոր Մասիաֆ գաւառի:

Սուրիոյ Ճեպլէ քաղաքին մէջ կը մնայ երեք տարի, ուր կը պաշտպանէ աղքատ գիւղացիներու իրաւունքները` հողատէրերու ոտնձգութիւններուն դէմ:

Արդարադատութեան նախարար Մունիր Ղաննամի զօրակցութեամբ, մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան կը փոխադրուի Հալէպ, ուր կը ստանձնէ պատժական առաջին դատաւորի պաշտօնը, 1953-ի մայիսին:

Հալէպի մէջ կը լծուի ազգանուէր գործունէութեան` դառնալով գործակիցը Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանի, որուն ընկերակցութեամբ կը մեկնի Դամասկոս` հայոց զլացուած իրաւունքներուն հարցով տեսակցելու զօրավար Էտիպ Շիշեքլիին հետ եւ շնորհաւորելու նաեւ զինք` Սուրիոյ նախագահ ընտրուելուն առիթով: Զօրավարը իմանալով մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանի խնդրանքը, որուն հետ բարեկամացած էր Լաթաքիոյ մէջ, երբ հրամանատարն էր սուրիական ծովեզերեայ բանակի, կը հրահանգէ, որ շուտով հայերուն վերադարձուին կրթական, մշակութային եւ ազգային այլ հարցերու վերաբերեալ սուրիահայ համայնքի իրաւունքները:

1954-ին մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան կ՛ամուսնանայ Անահիտ Մեծերէցեանի հետ եւ կը բախտաւորուին մէկ մանչ ու երկու աղջիկ զաւակներով` Մատթէոս (Մաթիկ), Հուրի եւ Մարինա եւ վեց թոռներով:

Մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան քաջածանօթ էր արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու: Պետական ատեաններու մէջ եղած է դատաւոր: 1953-ին, առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած է Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ: 1953-1994 ութ անգամ ընտրուած է պետական երեսփոխան:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տագնապալի շրջանին, իր եղբօր` երեսփոխան տոքթ. Մելգոնին հետ, որ 1972-1992 տարիներուն մաս կազմած էր Լիբանանի խորհրդարանին, հանդիսացած է «միջնորդ» Սուրիոյ պետական ազդեցիկ դէմքերու եւ լիբանանահայ համայնքի միջեւ, որպէսզի Պէյրութի հայկական թաղամասերը հեռու մնան եղբայրասպան կռիւներէ:

Հալէպահայութեան ազգային կեանքին մէջ ստանձնած է այլազան պաշտօններ: Եղած է անդամ Բերիոյ թեմի Գաւառական եւ Քաղաքական ժողովներուն, Դատաստանական խորհուրդին, Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի խնամակալ մարմինին եւ այլն: Մասնակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջթեմական Ազգային ընդհանուր ժողովի նիստերուն` իբրեւ պատգամաւոր: 1972-ին Խորէն Ա. վեհափառը պարգեւատրած է մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանը «Կիլիկեան մեծ խաչի իշխան» շքանշանով: Եղած է նաեւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի խորհրդատու մարմինի ատենապետ, 1976-1980 թուականներուն:

Հատորին «Վկայութիւններ» խորագրեալ երկրորդ բաժինով ցաւակցական խօսքեր արտայայտած են իր մասին հոգեւոր եւ քաղաքական կարգ մը դէմքեր` գնահատելով մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանի անձին մէջ ազգանուէր հայը, գաղափարապաշտ մարդը եւ արդարադատ իրաւաբանը:

Արդարեւ, այս իւրայատկութեամբ, մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան պիտի պահէ իր արժանիքը հալէպահայութեան ազգային, եկեղեցական եւ հասարակական կեանքին մէջ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES