ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՕՔԼԱՀՈՄԱ ՍԻԹԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը` 96-85 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մայեմի Հիթը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 29 կէտ: Հիթի մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս բաւարարուեցաւ 19 կէտով:
Եութա Ճեզ 119-104 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզի: Ճեզի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Սի. Ճէյ. Մայլզ, որ նշանակեց 40 կէտ:
Օրլանտօ Մեճիք երկարաձգման ընթացքին միայն յաջողեցաւ յաղթել Միլուոքի Պաքսի: Տուայթ Հաուըրտ (Մեճիք) նշանակեց 31 կէտ եւ 22 ռիպաունտ:
Տալաս Մավըրիքս վեց կէտի տարբերութեամբ` 112-106 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի: Գերմանացի Տըրք Նովիթցքի ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 34 կէտ եւ 13 ռիպաունտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս 102-87
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 92-80
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 107-93
Նիւ Օրլինզ – Ֆէօնիքս Սանզ 100-95
Օքլահոմա Սիթի – Մայեմի Հիթ 96-85
Օրլանտօ Մեճիք – Միլուոքի Պաքս 93-89
Հիուսթըն Ռոքեթց – Շարլոթ Հոռնեթց 94-78
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Վուլվզ 119-104
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 97-93
Տալաս Մավըրիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 112-106
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 104-94
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Շիքակօ Պուլզ
Նիւ Եորք Նիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ

