ԱԼԵՔՍ ՖԵՐԿԸՍԸՆ ՀԻՆԳ ՄՐՑՈՒՄՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ հինգ մրցումով կախակայեց Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընը` նկատի ունենալով, որ ան անցեալ 1 մարտին Չելսիի դէմ իր կազմին կրած պարտութենէն ետք (2-1) յայտարարութիւններ կատարած էր օրուան իրաւարարին` Մարթին Աթքինսընի մասին:
Հինգ մրցումով կախակայուելէ բացի, Ֆերկըսըն 48 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ երբ մրցումէն առաջ իմացած էր օրուան իրաւարարին անունը, ըսած էր. «Վախցայ վատագոյնէն»:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Ֆերկըսընի պատիժը պիտի սկսի 22 մարտէն սկսեալ:
Ան պիտի բացակայի Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումէն, ինչպէս նաեւ` Արսենալի (1 մայիս), Ուեսթ Համի, Ֆուլհեմի եւ Էվըրթընի դէմ տեղի ունենալիք ախոյեանութեան մրցումներէն:
«Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին ան կախակայուած չէ: