ԱՏՎՈՔԱԹ ՆԿԱՏԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱ՞Յ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՄԱԼԱՖԷԵՒԸ ԻՐ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ
Չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերը ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գնաց Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Վլատիմիր Մալաֆէեւի կինը` Մարինա, երբ անոր ինքնաշարժը ուժգնօրէն բախեցաւ ճամբեզրին գտնուող ծառի մը:
Ցարդ անորոշ է, որ Ռուսիոյ մարզիչ Տիք Ատվոքաթ Վլատիմիր Մալաֆէեւի փոխարէն այլ բերդապահ մը պիտի միացնէ՞ իր կազմին, թէ՞ ոչ:
Ատվոքաթ ըսաւ, որ վաղը` շաբաթ, 19 մարտին, Ռուսիա գալով պիտի յայտարարէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր տալիք որոշումը:
CATEGORIES Մարզական



