ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ 27-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ
Այսօր, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 27-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, վերջին դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ պիտի հիւրընկալէ Քայզըրսլաութըրնը (14-րդ):
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Մայնց-05-ը (5-րդ):
Ստորեւ կու տանք 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով, փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ (18) – Քայզըրսլաութըրն (14) 21:30
ՇԱԲԱԹ
Նիւրեմպերկ (6) – Վերտըր Պրեմըն (12) 16:30
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ (15) – Զանքթ Փաուլի (16) 16:30
Համպուրկ (8) – Քէօլն (11) 16:30
Հանովըր-96 (3) – Հոֆընհայմ (9) 16:30
Ֆրայպուրկ (7) – Պայէրն Միւնիխ (4) 16:30
Պորուսիա Տորթմունտ (1) – Մայնց-05 (5) 19:30
ԿԻՐԱԿԻ
Պայէր Լեւերքուզըն (2) – Շալքէ (10) 16:30
Շթութկարթ (13) – Վոլֆսպուրկ (17) 18:30