ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐԸ

Նախարար Սապունճեան` եւրոպական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան այսօր կէսօրէ ետք պիտի այցելէ Պուրճ Համուտի գործարանները, ուր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ գործատէրերուն հետ: Նախարար Սապունճեան իր շրջապտոյտին պիտի սկսի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան կատարելիք իր այցելութենէն ետք:

Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան եւ միութեան տնտեսական ու ընկերային յանձնախումբի միացեալ պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքացիական ընկերութեան աշխատանքը բարգաւաճեցնելու կարելիութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES