ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԵԼՈՒ ԱՐԴԱՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրիի:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի պետական նշանակումներուն պարագային կին ներկայացուցիչներուն իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, եւ այս իմաստով խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցի կնոջ շնորհելու պետական պաշտօններ ստանձնելու արդար իրաւունքը:
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը պահանջեց նաեւ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ լիբանանցի կիներուն ներկայացուցչութիւնը յարգել եւ այդ համեմատութիւնը բարձրացնել 30 առ հարիւրի, ինչպէս նաեւ կնոջական կազմակերպութիւնները նկատի ունենալ ընտրական օրէնքի մշակման աշխատանքին շրջագիծին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան