ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Վարդան Մինասեան

Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան խօսեցաւ Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, ինչպէս նաեւ խումբին պարզած այժմու վիճակին մասին:

Երբ անոր հարցում ուղղուեցաւ այն մասին, թէ խումբը իր նախապատրաստական փորձերը լաւ կատարե՞ց կամ պիտի ունենա՞յ բացականեր, Մինասեան ըսաւ.

«Մեր հաւաքականը պատրաստ է Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին թէ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեբանօրէն: Դժբախտաբար, սակայն, խումբին միջնապահ գիծը որոշ խնդիրներ ունի: Նախ Հրայր Մկոյեան կախակայուած է: Ռոպերթ Արզումանեան դաշտ պիտի չներկայանայ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Արազ Օզպիլիս, որ արդէն իսկ վիրաւոր էր, մեկնեցաւ Հոլանտա: Ինչ կը վերաբերի Եուրա Մովսիսեանի, ան արդէն իսկ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Հակառակ բացակայ մարզիկներուն, պիտի փորձենք առաւելագոյն երեք կէտը խլել մեր մրցակիցէն: Մակեդոնիոյ կատարած զտումի 8 մրցումներուն ալ հետեւած եմ եւ անիկա միշտ ալ տպաւորիչ արդիւնք կ՛արձանագրէ»:

Ապա Մինասեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Ունինք եօթը մարզիկներ, որոնք դեղին քարտ ստացած են: Անոնք պէտք է ըլլան բաւական զգուշ, որովհետեւ եթէ այլ դեղին քարտեր ալ ստանան, կրնան Այիրի դէմ տեղի ունենալիք յաջորդ մրցումին դաշտ չներկայանալ: Այս մրցումին պիտի կիրարկեմ յարձակողական խաղաոճ մը եւ երեք յառաջապահ դաշտ պիտի ներկայացնեմ: Հոս եզրափակելով կու գամ ըսելու, որ մեր արձանագրելիք յաղթանակին մէջ բնականաբար իրենց մեծ դերը պիտի ունենան համակիրները, որոնք ուղղուելով Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտ, պիտի քաջալերեն մեր հաւաքականը: Յոյսով եմ, որ կրնանք յաղթել Մակեդոնիոյ»:

 

Share this Article
CATEGORIES