ԵՒՐՕ-2012. ԱՅՍՕՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ
Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան քսան ճակատումներ:
Այդ քսան մրցումներուն կարգին կարեւոր ճակատում մը ունի կատարելիք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մակեդոնիան:
Մրցումը պիտի ըլլայ բաւական կարեւոր հայրենի կազմին համար` նկատի ունենալով, որ հիւր խումբէն երեք կէտ խլելը կը նկատուի շատ կարեւոր` փլէյ-օֆի տոմս մը ապահովել կարենալու համար, անշուշտ վերջին մրցումին եւս Այիրի դէմ յաղթանակ մը արձանագրելու նպատակով:
Այսօրուան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ բաւական յստակացած կ՛ըլլան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովողներուն անունները, թէեւ վերջին հանգրուանի մրցումները պիտի ըլլան շատ աւելի վճռորոշ:
Ինչ ալ ըլլան մնացեալ մրցումներուն արդիւնքները, եթէ Հայաստան յաջողի ինքզինք պարտադրել իր երկու մրցակիցներուն վրայ եւ անոնցմէ խլել առաւելագոյն վեց կէտ, փլէյ-օֆի տոմսը ապահովուած պիտի ըլլայ:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք 20 մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Ազրպէյճան – Աւստրիա 19:00
Թուրքիա – Գերմանիա 21:30
Պելճիքա – Ղազախստան 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Մակեդոնիա 18:00
Սլովաքիա – Ռուսիա 21:15
Անտորրա – Այիր 22:30
Գ. ԽՄԲԱԿ
Սերպիա – Իտալիա 21:45
Հիւսիսային Իրլանտա – Էսթոնիա 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Պոսնիա – Լիւքսամպուրկ 21:00
Ռումանիա – Պիելոռուսիա 21:30
Ֆրանսա – Ալպանիա 22:00
Ե. ԽՄԲԱԿ
Ֆինլանտա – Շուէտ 19:15
Հոլանտա – Մոլտաւիա 21:30
Զ. ԽՄԲԱԿ
Լաթվիա – Մալթա 20:00
Յունաստան – Խրուաթիա 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Կալես – Զուիցերիա 21:45
Մոնթենեկրօ – Անգլիա 22:00
Ը. ԽՄԲԱԿ
Կիպրոս – Դանիա 21:30
Փորթուգալ – Իսլանտա 23:00
Թ. ԽՄԲԱԿ
Չեխիա – Սպանիա 21:45